• Աբովյան 15/1
  • Երկ. - Ուրբ.
    09:00 - 18:00

Պոլսո Հայոց Պատրիարքն ընդունեց Հայ Մենթի Մենթոր հանձնախմբի վարիչներին

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի երեկոյ, ընդունեց Հայ Մենթի Մենթոր յանձնախումբի վարիչները։
Վարիչներու խումբին մաս կը կազմէին Ծրագրաւորման խորհրդական Տքթ. Մերի Թաքսի Տէվէճեան, Ծրագրաւորման համակարգող Ժպիտ Էօղէր, Ծրագրաւորման համակարգողի օգնական Գարոլին Իւչէր Իչլիեիւրէք եւ Ծրագրաւորման ներկայացուցիչ Ժպիտ Լոյս Կէզէր։
Այցելուները եկած էին նոր շրջանի բացման եւ ծանօթացման հաւաքին համար Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդելու։ Նոյն առթիւ եղաւ խորհրդակցական հանդիպում։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը այցելուներուն հետ իջաւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի համալիրին մէջի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահը, ուր նախագահեց Հայ Մենթի Մենթոր Յանձնախումբի ու երիտասարդներու ծանօթացման ու նոր շրջանի բացման ընդունելութեան։
Ընդունելութեան ընթացքին վարիչներ եւ երիտասարդներ ելոյթներ ունեցան։

Աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց երիտասարդներու հետ միասին ըլլալով եւ ըսաւ որ երբ այս օրերուս համայնքը տակաւ կը վերաձեւաւորուի, առաւել եւս զգալի կը դառնայ նոր ոյժերու, երիտասարդ ոյժերու, որոնք նոր յոյսեր, նոր ծրագիրներ պիտի ըլլան դարաւոր այս Աթոռին ու այս համանյքին համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յոյս յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը համայնք կոչուած մեծ ընտանիքին գործօն անդամները կը դառնան։