Հովուական իմ ծառայութեանս տարիներուն, բազում առիթներով իմ տեսիլքներուն ու մտածումներուն մասին հաղորդ եմ դարձուցած երիտասարդութիւնը, մշտապէս յիշեցնելով անոնց, որ Եկեղեցին եւ հաւատքով առաջնորդուած կեանքը պարտ են ընդունիլ որպէս Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած առաքելութիւն։
ՀԵՀԵՄ-ի 25 ամեակը հրաշալի առիթ է, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը թեմական, համայնքային թէ անհատական իր կեանքին մէջ նորոգէ ուխտը իր նուիրական, ծառայութեամբ իմաստաւորէ աստուածապարգեւ կեանքը եւ դառնայ հաւատքի մէջ աճած եւ լիիրաւ պատասխանատու, ի խնդիր մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանութեան եւ սերունդներու առողջ կրթութեան։
25 տարիներ շարունակաբար ՀԵՀԵՄ-ի շարքերուն մէջ ներգրաւուած երիտասարդներ մասնակից դարձան կազմակերպուած ուխտագնացութիւններուն եւ միմեանցով զօրացած արդէն իսկ դարձած ենք հոգեւոր մշտանորոգ հոսանք՝ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ճանապարհորդութեան ու կեանքին վկայութեան մէջ։
25 ամեակը իրօք կարեւոր հանգրուան մըն է, որ Հայոց Հայրապետի հովանիին ներքոյ նայինք դէպի նոր հորիզոններ, եւ բոլորով ներգրաւուինք Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ։ Այլ խօսքով, մեր յորդորն է երիտասարդութեան, ոչ թէ միայն Եկեղեցւոյ կողքին մնան, այլեւ՝ գործեն Եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի միասին աղօթենք, մտածենք եւ ստեղծագործենք։
ՀԵՀԵՄ-ի 25 ամեակը պարտ ենք վերածել աննախադէպ առիթի, ձեզ լսելու եւ բաժնելու ձեր մտահոգութիւնները, սպասումներն ու ակնկալիքները։ Մեր պատկերացումով, ՀԵՀԵՄ-ը պէտք է պահէ իր պարզ սակայն գործնական՝ Ատենապետաց ժողովի կառոյցը, ուր առնուած որոշումները գործնականացնող մարմինը գրասենեակն է՝ Հոգեւոր Տեսուչի գլխաւորութեամբ, որ իր ողջ գործունէութեամբ կ՛իրականացէ Աստուծոյ խօսքին տարածումը, դառնալով ոսկէ կամուրջը Հայրենիք եւ Սփիւռք ապրող երիտասարդութեան միջեւ, հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
ՀԵՀԵՄ-ը իր նկարագրով ու կոչումով հոգեւոր կառոյց է, քանզի Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին մէջ է ծնած։ ՀԵՀԵՄ-ի երիտասարդութեան նպատակն ու առաքելութիւնն է «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքը՝ Խարիսխը մեր Ինքնութեան» նշանաբանով առաջնորուած հայ երիտասարդին մէջ դէպի Աստուած մղումն ու հաւատքը գերազանցել, որպէսզի ան դառնայ մասն ու բաժինը մեր Եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան եւ Հայրենիքի բարգաւաճման ու վերելքի ազգաշէն գործին։
ՀԵՀԵՄ-ի 25 ամեակին առիթով բոլորի անունով մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, իր մշտական հոգատարութեան եւ առաջնորդութեան համար։ Մեր շնորհակալութիւնները Թեմակալ Առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն, որոնք հաւատացին եւ աջակից եղան ՀԵՀԵՄ-ի առաքելութեան։ Մասնաւոր կերպով մեր գնահատութիւնը ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Հայր Թովմային, իր նախանձախնդիր ու ջանադիր ծառայութեանը համար, իր կողքին ունենալով նուիրեալ ու տեսլականով հարուստ գործակիցներ։ Թող Աստուած ամուր ու անսասան պահէ մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին եւ Մայր Հայաստանը։
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք․ Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
Եւ Հոգեւոր Առաջնորդ ՀԵՀԵՄ-ի