Հայաստան Համահայկական Ուխտագնացութեան

Բարեպաշտ ուխտեալ երիտասարդներ

Հովնան Սրբազանի խոսքը ՀԵՀԵՄ համահայկական ուխտագնացության մասնակիցներին

Սիրելի հարազատներ,

Փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքենք Աստուծոյ, որ Իր Սուրբ Աջի հովանու պահպանութեամբ եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութեամբ, Յուլիսի 2-7 օրերուն Հայաստանի մէջ կայացաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորումին կազմակերպած «Քրիստոնեայ Ընտանիքը Հայ Ինքնութեան Խարիսխը» խորագրով համահայկական երիտասարդական մեծ ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Միաւորումի հիմնադրութեան յոբելինական 25 ամեակը

Մեծ ուրախութիւն եւ հոգեկան գոհունակութիւն էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր թեմերէն Ձեր մասնակցութիւնը ուխտագնացութեան, որու ընթացքին արտայայտեցիք Ձեր խոր հաւատքն ու նուիրումը հանդէպ Աստուծոյ, Հայրենիքին ու Մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, միաժամանակ մեծ խանդավառութեամբ Ձեր գործօն մասնակցութիւնը բերիք բոլոր միջոցառումներուն եւ արժանացաք Հայոց Հայրապետին, Սուրբ Էջմիածնին ու մեր սրբավայրերու օրհնութեանց։

Սիրելի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, իրօք ՀԵՀԵՄ-ի 25 ամեակի մշումը հրաշալի առիթ մը հանդիսացաւ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը համայնքային ու անհատական իր կեանքին մէջ վերանորոգէ ուխտը իր նուիրական, ծառայութեամբ իմաստաւորէ աստուածապարգեւ կեանքը եւ դառնայ հաւատքի մէջ աճած եւ լիիրաւ պատասխանատու, ի խնդիր մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանութեան եւ սերունդներու առողջ կրթութեան։

Ինչպէս Կիրակի 6 Յուլիսին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին շեշտեցինք, ՀԵՀԵՄ-ը իր նկարագրով ու կոչումով հոգեւոր կառոյց է, քանզի Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին մէջ է ծնած։ ՀԵՀԵՄ-ի նպատակն ու առաքելութիւնն է «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքը՝ Խարիսխը մեր Ինքնութեան» նշանաբանով առաջնորուած Ձեր մէջ գերազանցած տեսնել դէպի Աստուած մղումն ու հաւատքը, որպէսզի իրապէս դառնաք մասն ու բաժինը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան եւ Հայրենիքի բարգաւաճման ու վերելքի ազգաշէն գործին։

Համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեան եւ ՀԵՀԵՄ-ի 25 ամեակին առիթով անգամ մը եւս մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, իր մշտական հոգատարութեան եւ առաջնորդութեան համար։ Մեր շնորհակալութիւնները Հայաստանի եւ Սփիւռքի Թեմակալ Առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներուն, որոնք հաւատացին եւ աջակից եղան ՀԵՀԵՄ-ի առաքելութեան։ Մասնաւոր կերպով մեր գնահատութիւնը կը յայտնենք ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Թովմա Վրդ․ Խաչատրեանին իր նախանձախնդիր ու ջանադիր ծառայութեանը համար եւ գրասենեակի բոլոր աշխատակիցներուն ու օգնականներուն, իրենց մեծ ներդումին համար։

Սիրելի ուխտաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Ամենաբարին Աստուած ամուր ու անսասան պահէ մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցին եւ Մայր Հայաստանը։ Թող մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս բազում օրհնութիւններով ծաղկազարդէ Ձեր ծնողներն ու ընտանեաց անդամները։ Ցնոր հանդիպումներ միշտ աղօթող պիտի մնանք ձեզմէ իւրաքանչիւրի կենաց արեւշատութեան, քաջառողջութեան եւ երջանկութեան համար։

Օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Եւ Հոգեւոր Առաջնորդ ՀԵՀԵՄ-ի